2015-01-29 10:26:52

Արեւելքի պատրիարքներու կոչը` վերջ դնել ահաբեկչութեան, օգնութեան հասնիլ փախստականներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթասկիզբը Լիբանանի մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ` Պքերքէ, տեղի ունեցաւ Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքապետերու ժողովը դիմագրաւելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը եւ խնդրելու Արաբական աշխարհէն ու միջազգային հասարակութենէն նեցուկ չկենալ ահաբեկչութեան եւ օգնութեան հասնիլ փախստականներուն ու ճամբան հարթել անոնց տուն վերադարձին։ Նոյնպէս խնդրեցին լուծում գտնել հրեայ-պաղեստինեան տագնապին։
Փախստական քրիստոնեաներու իրավիճակը։
Մարոնիներու պատրիարք Ռաին ըսաւ. Հանդիպումին կէտնպատակն է մօտէն ճանչնալ փախստական քրիստոնեաներու իրավիճակը ու հայրենիք մնացող հաւատացեալներու կացութիւնը, հակառակ դիմագրաւուած դժուարութիւններու պատերազմի հետեւանքով։ Հայրենիք մնացողներուն համար հարկաւոր է աշխատանք գտնել անոնց, երախաներուն դաստիարակութիւն երաշխաւորել ու ընտանիքներուն` բնակարան, այսպէսով պիտի կարենան հայրենիք մնալ, պահպանել իրենց աւանդութիւնները ու կատարել քրիստոնէական իրենց առաքելութիւնը։
Լուծել հրեայ-պաղեստինեան եւ արաբ-հրէական տագնապները։
Պատրիարքներու ու ղեկավար քրիստոնեաներուն գնահատումով յոյժ կարեւոր է աշխատիլ լուծել հրէա-պաղիստնեան տագնապը ըստ այն բանաձեւին` երկու ժողովուրդ, երկու պետութիւն, փախստականներուն արտօնելով տուն վերադարձը։
Բացայայտ է, ըսաւ Ռաի պատրիարքը, որ երկու տագնապները հրեայ-պաղեստինեան ու արաբ-հրէական, պատճառ եղած են այն դժբախտութիւններուն որ մենք այսօր կը դիմագրաւենք Միջին Արեւելքին մէջ։
Կոչ բոլոր առեւանգուածներու ազատագրումին
Քրիստոնեայ ղեկավարները կը խնդրեն առաւել ջանք թափուի կառավարութիւններէն եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններէն փախստականներու ի նպաստ եւ միաժամանակ կը խնդրեն առաւել ճիգ մը ընդունելու բոլոր առեւանգուածներու ու կալանուածներու ազատագրումը, անոնք ըլլան քաղաքացիներ, զինուորներ կամ կրօնական անձնաւորութիւններ, անոնց կարգին կան Հալէպէն յոյն թէ ասորի օրթոտոքս երկու եպիսկոպոսներ, հայ եւ յոյն երկու քահանաներ, որոնք Սուրիա կը գտնուին ծայրայեղ մահմետականներու մօտ։
Մտածում մը ուղղուած Լիբանանի
Ժողովականները հուսկ մտածում մը ուղղած են Լիբանանի անել կացութեան ի տես։ Անցեալ Մայիսէն Լիբանանը մնացած է առանց նախագահի, ուր խումբ մը քրիստոնեայ թէ մահմետական քաղաքական մարդիկ կը խափանեն նախագահին ընտրութիւնը։
Յայտնենք թէ հանդիպումին մասնակցեցան Յոյն եւ ասորի օրթոտոքս պատրիարքները, մելքիդներու պատրիարքը, գերապայծառ Առնաութեան` ներկայացուցիչը հայ կաթողիկէ պատրիարքին, գերապայծառ Քասարճի` Պէյրութի քաղդէացիներու առաջնորդը, Լիբանանի ու Սուրիոյ բողոքական եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահը, առաքելական դեսպանը գերապայծառ Գաչան եւ բոլոր նուիրապետութիւններու բարեսիրական մարմիններու պատասխանատուները։








All the contents on this site are copyrighted ©.